2014-09-29 12:06:59

''Հաղորդել Ընտանիքը''` 2015-ի ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային օրուայ բնաբան


2015-ի ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային օրուայ նիւթն է ''Հաղորդել Ընտանիքը` հանդիպումի առանձնաշնորհեալ միջավայր մը, սիրոյ ձրիութեան մէջ''։Նիւթ մը որ ընտրուած է ի տես յառաջիկայ եպիսկոպոսական երկու սիւնհոդոսներու կեդրոնական նիւթին որ է Ընտանիքը։

Ընտանիքի անդամներուն միջեւ յարաբերութիւնները ներշնչուած են եւ առաջնորդուած ''ձրիութեան'' օրէնքէն, որ յարգելով եւ խթանելով իւրաքանչիւրի անհատական արժանապատուութիւնը որպէս միակ արժէքի հիմք, կը դառնայ սիրալիր ընդունելութիւն, հանդիպում եւ երկխօսութիւն, անշահախնդիր տրամադրութիւն, մեծահոգի ծառայութիւն, ու խոր զօրակցութիւն (ՅՊԲ` Ֆամիլիարիս Քոնսորցիօ թիւ 43)։

Եկեղեցին այսօր դարձեալ հրաւիրուած է սերտելու ձեւը ներկայացնելու համար ընտանիքը որպէս մեծ պարգեւ մը, բարի ու գեղեցիկ։ Կանչուած է գտնելու նաեւ ձեւը հաղորդելու թէ սիրոյ ձրիութիւնը որ պսակեալները իրարու կը խոստանան, բոլոր մարդիկը կը մօտեցնէ Աստուծոյ։

Յայտնենք որ ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային օրը միակ օրն է հաստատուած Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովէն (Ինթէր Միրիֆիքա, 1963) եւ կը նշուի համայն աշխարհի մէջ Պենտեկոստէի նախորդող կիրակին` որ 2015-ի կը զուգադիպի 17 մայիսին։

Մինչ Սրբազան Քահանայապետի այս օրուայ առթիւ յղած պատգամը, աւանդութեան համաձայն կը հրատարակուի Սուրբ Ֆրանչիսկոս Տէ Սալէսի ծիսական տօնին օրը` 24 Յունուարին։








All the contents on this site are copyrighted ©.